
Լուսանկարը պատրաստել է Աննա Գրիգորյանը
Դասն ու զբոսանքը անբաժան պիտի լինեն։ Այս համոզմունքն ուներ Ինտրան․ այդ երկուսի ճիշտ համադրությամբ միայն կարելի է իրապես կյանքին պատրաստ մարդ դաստիարակել։
«Դպրոցական կեանքը, զբօսանքներէն դուրս, եւ դասաւանդութիւնները, բացարձակապէս սխալ են, որովհետեւ տղուն ապրելու հաճոյքը կը թունաւորեն։
Կարգապահութիւնը օրինակի համար, զօրանոցներու կեանքին անհրաժեշտ է, վասն զի իր ենթադրած մեքենականութիւնը անհրաժեշտ է բանակի մը, որ մէկ մարմին պէտք է կազմէ։ Շէնքերուն ձեւին ու իրենց պարունակած բազմութեան տեսակէտով դիտուած նմանութիւնը կը բաւէ՞ որ այդ գաղափարը նախակրթարանի մըն ալ սկզբունլը ըլլայ, — նախակրթարանի մը՝ ուր ամէն տղայ իրաւունք ունի իբր անհա՛տ մը մշակուելու եւ ապրելու, որքան ալ բազմամարդ ըլլայ շէնքը։ Կարգապահութիւնը կը հիմնուի ուսուցչին օգտին վրայ. մէկը տղոցը կեանքը կը յարգէ, իսկ միւսը դասատուին ջիղերն ու յաւակնութիւնը։ Այսպէս, ըստ մեր գործադրած կարգապահութեան, ամէն բան ի նպաստ ուսուցչութեան է վարժարանին մէջ, եւ ոչինչ ի նպաստ աշակերտներուն։
Մինչդեռ մենք կ՚ըսենք որ դաստիարակութիւնը կեանքին ձե՛ւը պէտք է միայն ըլլայ, հետեւաբար կեանքը իր առոյգ յատկանիշներովը պէտք է երեւի դպրոցական գործունէութեան մէջ. ահա դասընդմէջներու եւ մանաւանդ զբօսանքներու միջոցին է միայն որ կեանք մը կը տեսնուի դպրոցին մէջ, թէեւ տղաք, այդ պահերուն, վայրենի ու խօլ կերպով մը կը գործածեն այն կորովը՝ որ անհրապոյր ու չոր դասերու միջոցին ճնշուած ու անգործածելի մնացեր էր։ Զբօսանքին մէջ, այսպէս, չափազանց կեանք մը կը տիրէ, անիմաստ, անօգուտ, վայրենացնող, եւ ուսմանց ժամերուն մէջ ալ ապուշ եւ անդամալոյծ վիճակ մը։ Դասն ու զբօսանքը հնար եղածին չափ միասի՛ն է որ կը կազմեն կեանքը, մանաւանդ տղո՛ւնը։
Տղան, զբօսանքի՛ պայմանով կրնայ ընդունիլ դասը. ուրեմն դասի պայմանով զբօսանք տալու ենք իրեն»:
ԻՆՏՐԱ
«Նախակրթութեան սխալները» աշխատություն
1902 թ.
Նոր մեկնաբանություն