Մի օր, չեմ մոռնար, երբ ութ հոգի կտրիճ բեռնակիրներս մի ահագին պալեա ձողիներու զարկած կը տանէինք, Պօլսոյ նոր խանի դարու վեր, քրտինք ծնծնալով մեր ճակատէն ճողճող կը վազէր, մեր երեսէն կիջնար ու կը թրջէր մեր բացուած կուրծք. տեսանք որ Հայրիկ մեր դիմաց կուգայ, պալեան վար դրինք կեցանք։ Հայրիկ ողջոյն տուաւ մեզ, հարցուց մեր որպիսութիւն։ Մէջերնին ես համարձակ էի, ասի. «Հայրի՛կ, ահա մեր որպիսութիւն, բեռներու տակ ընկճուած կը հեծեմք եւ կը թափեմք մեր դառն քրտինք այս քարայատակներուն վերայ»։
Ես նայեցայ, որ Հայրիկն աչքեր լեցուեցան, ասի մտքիս մէջ, թէ մեր վիճակին ու մեր ճակատին քրտանց դէմն` Հայրիկն իւր աչքի արտասունքով կը պատասխանէ։
Այո՛, Հայրիկ մի կարճ պատասխան տուաւ․ խեղճ զաւակներս,- ասաց,- այդ բեռն պիտի կրէք մինչեւ կարդալ-գրել սորվէք, մինչեւ ճանչնաք ձեր գեղին ու հողին արժէքը, ուր եթէ թափէիք ձեր այդ չափ աշխատութեան քրտինք, երբէք պանդխտութեան երես չէիք տեսնար։ Այսչափ խօսեց Հայրիկ, աչքեր սրբեց ու անցաւ։ Ես որովհետեւ փոքր ի շատէ կարդալ գիտէի, իրիկուն իմ ընկերներուս լաւ կերպով հասկցուցի Հայրիկին խսած բանին միտք։
Խրիմեան Հայրիկ
«Պապիկ եւ թոռնիկ»
1894
Նոր մեկնաբանություն