Խելացի եւ ուշիմ Թոռնիկ, այժմ պիտի սկսէ Պապիկ իւր դասերն. ոչ վարժատուն պէտք է, ոչ գրասեղան, ոչ թուղթ, ոչ գրիչ ոչ մելան, դու տես թէ ո՞ւր պիտի խօսեմ դասերս։ Տան մէջ, ախոռին մէջ դաշտին մէջ, լեռներու վերայ, աղբիւրներու գլուխ, գութանին ժամանակ թէ մաճ կը բռնեմ թէ դասերս կը խօսիմ, դու լծան վրայէն ականջ անելով դասերուս լսէ, եւ ձէնովդ լծկաններ խրախուսէ։
Բացուած ակօսներուն պէս, ես էլ քո միտք պիտի հերկեմ ու բանամ։ Սերմանացանի ժամանակ վա՜շ. ի՞նչ սիրուն է. մի կողմէն ցորենի հատիկներ եւ միւս կողմէն դասերս մտքիդ մէջ պիտի ցանեմ։ Հունձքի ժամանակ երբ սարակներ դէպի հովի տակ նստած մանգաղներ կը սրեն, եւ էլ կը նստեմ քո դաս կը խօսեմ եւ կը սրեմ քո գուլ միտք։ Կալատեղն էլ ի՞նչ յարմար դասարան է. երբ դու կամնասայլին վերայ կը կենաս, ես քառէշտ ձեռքս կը շրջեմ կալին բոլոր, մի կողմէն օրան կը դարձնեմ եւ օրանիս հետ դասերս կը խառնեմ եւ կասելով ցորեն յարդէն կը ջոկեմ, դու լից ու պահէ զայն միտքդ շտեմարանին մէջ։
Նոր մեկնաբանություն