
Լուսանկարը պատրաստել է Աննա Գրիգորյանը
Ինտրայի առաջադիմական հայացքները մանկավարժության վերաբերյալ դեռ հեռու են իրականություն դառնալուց։
Ուսուցման ինտերակտիվ մեթոդների, հետաքրքրաշարժ պատմություններով խթանելու և պատկերային դասավանդման կարևորության մասին Ինտրան գրել է.
«Տղաքը պէտք է ճամբորդեն, մօտերէն սկսեալ հետզհտէ աւելի հեռուները. եւ իրենց պտըտած տեղերուն հարեւանցի քարտէսները գծել սովրին։ Հարկ չկայ ըսելու որ անպատճառ պէտք չէ պտոյտները յատկացնել միայն այս կամ ա՛յն ուսման. մէկը կրնայ պատրուակ ըլլալ լոկ, եւ աշակերտներուն մտազբաղումը մասնաւորապէս իւրագրաւել։ Արդէն բացորոշապէս ըսինք թէ ո՛րքան կը զգուշանանք նիւթերը անջատելէ»։
«Մեծ խուզարկուներու կեանքէն հետաքրքրական դիպուածներ պէտք է կարդացուին կամ պատմուին տղոց, գրքէն անջատ կերպով. նոյնպէս զանազան ուղեւորներու տեղեկատուութիւններէն էջեր պէտք է կարդալ կամ պատմել. ճամբորդութեան ձեւերու եւ պայմաններու վրայ պէտք է տեղեկութիւններ տալ. արդի թէ նախկին։ Պէտք է պատկերներ տեսնեն տղաք բնական մեծ տեսարաններու, քաղաքներու, փոթորիկներու, տարազներու, կամուրջներու, նշանաւոր շէնքերու եւլն»։
ԻՆՏՐԱ
«Նախակրթութեան սխալները» աշխատություն
1902 թ.
Նոր մեկնաբանություն