
Լուսանկարը պատրաստել է Աննա Գրիգորյանը
Ինտրան (Տիրան Չրաքյան) անդրադարձել է նաև թվաբանության (մաթեմատիկայի) դասավանդման խնդիրներին: Նա ընդգծում է տարիքային առանձնահատկությունների և մաթեմատիկայի բնույթի հակասությունը՝ կարևորելով պարտադրանքի բացառումը։
«Ինքնին ցամաք գիտութիւն մըն է սակայն թուաբանութիւնը. ուստի հարկ էր որ մասնաւոր խնամքով մը աւանդուէր։ Բայց այն յաւիտենապէս անհրապոյր ու անգութ դասն է զոր ամէնքս ալ կը ճանչնանք վաղուց։ Այդ դասը բոլոր միւսներն աւելի քիչ կը խօսի տղուն մտաւորականութեան գլխաւոր ձեւին՝ երեւակայութեան։ Ասիկա այն դասն է՝ որ ինքնին ամէնէն աւելի քիչ կը հետաքրքրէ տղաքը՝ իր բացարձակապէս ճիշդ գիտութիւն մը ըլլալուն հետեւանքով։ Վասն զի տղաքը ճշդութիւնը չեն սիրեր, չեն հասկնար, չեն կրնար ճշդութեան կիրքը ունենալ. իրենց համար ամէն ինչ մօտաւորապէ՛ս է։
Պէտք էր որ թուաբանութիւնը եւ յարակից ճիւղերը յատուկ հոգածութեամբ մը ուսուցուէին, ո՛չ թէ պարտադրուէին, ինչպէս սովորութիւն է ընել ա՛յնքան անխորհուրդ կերպով։ Ահա այսպէս է այն դասը զոր տղաքը իրարու տետրակէ կ՚ընդօրինակեն հարկաւորապէս։ Իզո՛ւր թուաբանական խնդիրները տղոց տարիքին եւ ճաշակներուն համեմատական ընել կ՚ուզուի։ Գլխաւոր ու յամառ սխալը հոն է, որ տղան ինքնիրեն կը թողուի՝ սովրուած կանոնի մը, օրէնքի մը համեմատ ճիշդ մտածելու խնդրոյ մը վրայ։
ԻՆՏՐԱ
«Արեւելք»
1902 թ.






















































